A.C.M.L - Associazione Culturale Mechitarista in Libano

Cari amici, stiamo effettuando aggiornamenti sul sito, per le prossime settimane alcuni video non saranno accessibili, ci scusiamo per il disagio.

Giovedì26 Dicembre 2024

Web press - release

111214 - ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

 

 

Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքի մատենադարանին մէջ

 

Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին` Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը եւ հանդիպում ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն ու Իտալիոյ հայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Միաբանութեան մայրավանքին մէջ նախագահը մոմ վառեց Հայաստանի Հանրապետութեան, հայկական սփիւռքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար: Ըստ նախագահին, հպարտութիւն եւ մեծ պատիւ է այսօր Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն հետ Վենետիկի մէջ ազդարարել հայատառ գրատպութեան 500-ամեակի նախաձեռնութիւններու սկիզբը:

Նախագահը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ս. Ղազար կղզիին մէջ իր հայրենանուէր առաքելութիւնը իրականացնող միաբանութեան նուիրեալներու գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ անոնց շնորհիւ երկար տարիներէ ի վեր այնտեղէն «լոյս ճառագած է» եւ այդ լոյսը պէտք է տարածել եւ անկէ օգտուիլ: «Մենք չենք կրնար համաշխարհային հոլովոյթներէն մեկուսանալ, չենք կրնար մեկուսացած ապրիլ այլ ժողովուրդներէ, մենք պարտաւոր ենք այս արագ փոխուող աշխարհին մէջ պահպանելով մեր ինքնութիւնը, տեղայնացնելով արագ փոխուող աշխարհին ընձեռած կարելիութիւնները եւ փառք տալով մեր նախնիներուն` մեր երիտասարդներուն մէջ ամուր պահել հայկական արմատները: Ասիկա է մեր հիմնական խնդիրը, եւ կը կարծեմ, որ հիմա, երբ համայն հայութիւնը ունի պատմական հայրենիք, ունի պետականութիւնը, այս խնդիրները շատ աւելի դիւրութեամբ կրնան լուծուիլ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան: Անդրադառնալով հայ գրատպութեան 500-ամեակի ձեռնարկներուն` նախագահը նշեց, որ այս տօնակատարութիւնը ոչ միայն յարգանքի տուրք է մեր նախնիներուն, այլ նաեւ մեծ եւ լաւ կարելիութիւն` ուրիշներուն ցոյց տալու մեր արժէքները եւ նաեւ այդ արժէքներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը:

«Մենք` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, մշտապէս պատրաստ ենք օժանդակելու Մխիթարեան միաբանութեան, բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ անոնց, որոնք իրենց աւանդը կը բերեն հայրենիքին եւ հայ-իտալական բարեկամութեան», նշեց նախագահը:

Ըստ նախագահին, շատերուն կը հետաքրքրէ, թէ ո՞րն է հայերուն առանձնայատկութիւնը` արդեօ՞ք աշխարհով մէկ տարածուած սփիւռքը: Նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնեց, որ հայուն առանձնայատկութիւնը այն է, որ դարերու ընթացքին յաջողած է տեսնել եւ իւրացնել յառաջդիմական երեւոյթները: Եւ անով պայմանաւորուած է աշխարհին մէջ առաջինը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունիլը, բազմաթիւ ժողովուրդներէ առաջ այբուբեն, գիր, գրականութիւն, իսկ տպագրութեան գիւտէն կարճ ժամանակ անց հայատառ գիրք ունենալը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց նախնիներէն եկող ձիրքը, ջիղը երիտասարդներուն փոխանցելը, որպէսզի սերունդէ սերունդ անոնք յաջողին նոյն ձեւով շարունակել:

Հանրապետութեան նախագահը պատասխանեց նաեւ հանդիպման մասնակիցներուն հարցումներուն: Ան նշեց, որ տեղեակ է միաբանութեան խնդիրներէն, որոնց շարքին` գրադարանի թուայնացման խնդիրին: Սերժ Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ գումար պիտի յատկացնէ միաբանութեան` այդ խնդիրին  լուծման նպատակով: Ան նշեց, որ արժէքաւոր այդ գրադարանի պահպանման լաւագոյն ձեւը թուայնացումն է, ինչպէս կը կատարուի Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկին` Մատենադարանին մէջ:

Վենետիկի «Քոռեր» թանգարանին մէջ հանրապետութեան նախագահը մասնակցեցաւ նաեւ «Հայաստան. քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսի բացման, որ նուիրուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով պաշտօնական ընթրիք տրուեցաւ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Իտալիա գտնուելու եւ հայ տպագրութեան 500-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն սկիզբը ազդարարելու համար:

 

source: Aztag Daily