A.C.M.L - Associazione Culturale Mechitarista in Libano

Cari amici, stiamo effettuando aggiornamenti sul sito, per le prossime settimane alcuni video non saranno accessibili, ci scusiamo per il disagio.

Giovedì26 Dicembre 2024

Web press - release

111214 - ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքի մատենադարանին մէջ

Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին` Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը եւ հանդիպում ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն ու Իտալիոյ հայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Միաբանութեան մայրավանքին մէջ նախագահը մոմ վառեց Հայաստանի Հանրապետութեան, հայկական սփիւռքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար: Ըստ նախագահին, հպարտութիւն եւ մեծ պատիւ է այսօր Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն հետ Վենետիկի մէջ ազդարարել հայատառ գրատպութեան 500-ամեակի նախաձեռնութիւններու սկիզբը:

Նախագահը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ս. Ղազար կղզիին մէջ իր հայրենանուէր առաքելութիւնը իրականացնող միաբանութեան նուիրեալներու գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ անոնց շնորհիւ երկար տարիներէ ի վեր այնտեղէն «լոյս ճառագած է» եւ այդ լոյսը պէտք է տարածել եւ անկէ օգտուիլ: «Մենք չենք կրնար համաշխարհային հոլովոյթներէն մեկուսանալ, չենք կրնար մեկուսացած ապրիլ այլ ժողովուրդներէ, մենք պարտաւոր ենք այս արագ փոխուող աշխարհին մէջ պահպանելով մեր ինքնութիւնը, տեղայնացնելով արագ փոխուող աշխարհին ընձեռած կարելիութիւնները եւ փառք տալով մեր նախնիներուն` մեր երիտասարդներուն մէջ ամուր պահել հայկական արմատները: Ասիկա է մեր հիմնական խնդիրը, եւ կը կարծեմ, որ հիմա, երբ համայն հայութիւնը ունի պատմական հայրենիք, ունի պետականութիւնը, այս խնդիրները շատ աւելի դիւրութեամբ կրնան լուծուիլ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան: Անդրադառնալով հայ գրատպութեան 500-ամեակի ձեռնարկներուն` նախագահը նշեց, որ այս տօնակատարութիւնը ոչ միայն յարգանքի տուրք է մեր նախնիներուն, այլ նաեւ մեծ եւ լաւ կարելիութիւն` ուրիշներուն ցոյց տալու մեր արժէքները եւ նաեւ այդ արժէքներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը:

«Մենք` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, մշտապէս պատրաստ ենք օժանդակելու Մխիթարեան միաբանութեան, բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ անոնց, որոնք իրենց աւանդը կը բերեն հայրենիքին եւ հայ-իտալական բարեկամութեան», նշեց նախագահը:

Ըստ նախագահին, շատերուն կը հետաքրքրէ, թէ ո՞րն է հայերուն առանձնայատկութիւնը` արդեօ՞ք աշխարհով մէկ տարածուած սփիւռքը: Նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնեց, որ հայուն առանձնայատկութիւնը այն է, որ դարերու ընթացքին յաջողած է տեսնել եւ իւրացնել յառաջդիմական երեւոյթները: Եւ անով պայմանաւորուած է աշխարհին մէջ առաջինը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունիլը, բազմաթիւ ժողովուրդներէ առաջ այբուբեն, գիր, գրականութիւն, իսկ տպագրութեան գիւտէն կարճ ժամանակ անց հայատառ գիրք ունենալը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց նախնիներէն եկող ձիրքը, ջիղը երիտասարդներուն փոխանցելը, որպէսզի սերունդէ սերունդ անոնք յաջողին նոյն ձեւով շարունակել:

Հանրապետութեան նախագահը պատասխանեց նաեւ հանդիպման մասնակիցներուն հարցումներուն: Ան նշեց, որ տեղեակ է միաբանութեան խնդիրներէն, որոնց շարքին` գրադարանի թուայնացման խնդիրին: Սերժ Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ գումար պիտի յատկացնէ միաբանութեան` այդ խնդիրին  լուծման նպատակով: Ան նշեց, որ արժէքաւոր այդ գրադարանի պահպանման լաւագոյն ձեւը թուայնացումն է, ինչպէս կը կատարուի Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկին` Մատենադարանին մէջ:

Վենետիկի «Քոռեր» թանգարանին մէջ հանրապետութեան նախագահը մասնակցեցաւ նաեւ «Հայաստան. քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսի բացման, որ նուիրուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով պաշտօնական ընթրիք տրուեցաւ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Իտալիա գտնուելու եւ հայ տպագրութեան 500-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն սկիզբը ազդարարելու համար:

source: Aztag Daily

091031 - Բ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ

31 Ottobre 2009

Բ. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին, բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Հաւատոյ եւ Կրօնից ժողովի նախագահ կարտինալ Ուիլիըմ Ժոզէ-Լեւատայի եւ Անտիոքի մարոնի պատրիարք կարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի, նախագահութեամբ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին, 12-14 հոկտեմբեր 2009-ին Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած եռօրեայ միջազգային Բ. գիտաժողովը, որուն ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան՝ Հայաստանէն, Մ. Նահանգներէն, Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն այս առթիւ յատկապէս հրաւիրուած հայ եւ օտար 22 դասախօսներ։

Գիտաժողովին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2009-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետին նուիրուած հանդիսասրահին մէջ՝ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ անձնաւորութիւններու ներկայութեան, Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած եկեղեցական արարողութեամբ մը։ Այնուհետեւ միեւնոյն հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողովին անդրանիկ նիստը՝ ատենավարութեամբ հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանի։

Հանդիսաւոր այս նիստին ընթացքին, որ սկսաւ ժամը 10:00-ին, հերթաբար կարդացուեցան պատգամները կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, կարտինալ Ուիլիըմ Լեւատայի, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի (ներկայացուած՝ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի կողմէ) եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի (ներկայացուած Գեղամ եպս. Խաչերեանի կողմէ): Ապա անձամբ խօսք առին՝ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի տնօրէն հայր Հատի Մահֆուզ, Քահանայապետական արեւելեան կաճառի փոխ տնօրէն հայր Սաննի Քոքքարաւալայիլիի ներկայացուցիչը եւ Սուրբ Հոգի համալսարանին Քահանայապետական աստուածաբանական կաճառի տնօրէն հայր Փոլ Ռուհանա:

Ժամը 11:30-ին, կարճ դադարէ մը ետք, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը, ուր ան ըսաւ, թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ կեանքին երեք աղբիւրները' հաւատացեալներու անհատական աղօթքը, ծէսը եւ խորհուրդներու շնորհքը, որոնք անբաժանելի են: Ան ըսաւ, թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին հոգեւոր տենչանքն էր աղօթքով ստանալ շնորհքի ու ազատութեան ծաւալ մը: Հոգեւոր տէրը նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը խոստովանի համայն մարդկութեան մեղքերը եւ Աստուծմէ թողութիւն կը խնդրէ: "Մատեան ողբերգութեան"ը ինքնիր մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ եկեղեցւոյ ծէսն ու խորհուրդները:

Հոգեւոր տէրը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան յաջողցնելու համար այս գիտաժողովը:

Հոգեւոր տիրոջ պատգամին յաջորդեց բացման բանախօսութիւնը՝ կարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրին։ Անոր խօսքը որպէս խորագիր ունէր՝ "Աստուծոյ ճանաչումը եւ ծէսը":

Ժամը 12:15-ին ներկաները ուղղուեցան համալսարանին սեղանատունը, ուր համալսարանին կողմէ հրաւիրուած էին եղբայրական ճաշի։

Ժամը 14:00-18:30 գումարուեցաւ գիտաժողովին Բ. նիստը, որուն ատենավարն էր փրոֆ. Ժան Փիեռ Մահէ, որ ներկայացուց բանախօսներն ու համադրեց զեկուցումները։ "Հայ վանականութիւնը եւ Թ.-ԺԱ. դարերու պատմական շրջագիծը" ընդհանուր խորագրին ներքեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Մոնփըլիէի Փոլ Վալերի համալսարանի դասախօս Ժերար Տէտէեան ("Վասպուրականի թագաւորներն ու իշխանները հանդէպ Հայ եկեղեցւոյ"), Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան ("Նարեկի վանքն ու դպրոցը"), արեւելեան եկեղեցագիտութեան դոկտոր հայր Գրիգորիս ծ.վ. Սերենեան ("Վանական կանոնն ու կանոնապահութիւնը"), Քասլիքի ծիսագիտութեան ամպիոնի դասախօս հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան ("Հայ վանական ծիսակատարութիւնը"), աստուածաբանութեան աւագ դասախօս Մեխակ Այվազեան ("Վանքը որպէս օրինակ ընդհանրական եկեղեցւոյ"), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան ("Նարեկ եւ ուղղափառ հաւատքի ու առաքինական ընթացքին մասին պատուէրներ"):

Երեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2009-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Գ. նիստին ատենավարն էր հայր Պօղոս Լեւոն Զեքիեան, ընդհանուր խորագիրը՝ "Ծիսակատարութիւն եւ Աստուծոյ խօսքը"։ Նախ կարդացուեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս դպրեվանքի վաստակաւոր դասախօս Աբրահամ Տէրեանի բանախօսութիւնը, որուն խորագիրն էր՝ "Նարեկացիի մեկնութիւն մեկնութեանց"ը: Երկրորդ բանախօսութիւնը ներկայացուց Փարիզի ուղղափառ աստուածաբանութեան Ս. Սարգիս Բարձրագոյն ուսմանց կեդրոնի դոկտոր Լեւոն Պետրոսեան՝ "Նարեկ եւ Կապադովկիոյ հայրերը" թեմայով, որմէ ետք կարդացուեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօսներէն Սերճիօ Լա Փորթայի բանախօսութիւնը' "Նարեկ եւ Տիոնիսիս Արէօփակացի": Փարիզի Բարձրագոյն ուսմանց դպրոցի տնօրէն եւ ֆրանսական հիմնարկի անդամ փրոֆ. Ժան Փիեռ Մահէ, որ "Մատեան ողբերգութեան"ի ֆրանսերէնի թարգմանութեան հեղինակն է, փակեց Գ. նիստը՝ "Խօսքեր առ Աստուած եւ երկխօսութիւն Սուրբ Գիրքին հետ" նիւթով:

Ճաշի դադարէն ետք, ժամը 14:00-ին, Դ. նիստին, որուն ընդհանուր խորագիրն էր՝ "Ծիսակատարութիւն եւ Ս. խորհուրդներ", Ա. բանախօսը' Վիեննայի Ծիսարարութեան հիմնարկի դասախօս Հանս Եուրկէն Ֆէօլներ խօսեցաւ "Արեւելեան եկեղեցիները եւ եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը" նիւթին շուրջ: Ապա Քասլիքի համալսարանի ծիսագիտութեան ամպիոնի հիմնադիր եւ դասախօս աբբայ Ժան Թապեթ ներկայացուց՝ "Նարեկի ծիսական յիշողութիւնը": Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի եւ Հռոմի Քահանայապետական արեւելեան կաճառի անդամ հայր Պօղոս Լեւոն ծ.վ. Զեքիեան ներկայացուց՝ "Նարեկի բան 93-ը՝ Սուրբ Միւռոնի եւ քրիստոնէացումի սուրբ խորհուրդներուն մասին": Հուսկ, Փարիզի Որոնումներու հաստատութեան պատուոյ վարիչ, Ան Քալքա աբբայարանի դասախօսներէն աբբայ Աթանաս Ռընու, որ հայկական ծէսի ամէնէն հմուտ մասնագէտներէն է, ներկայացուց "13 եւ 14 սեպտեմբերի շարականները", որոնք կÿերգուէին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի օրերուն:

Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2009-ին, ժամը 9:00-ին, Ե. նիստին, որուն ատենավարն էր աբբայ Ժան Թապեթ, Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պապական նուիրակ Քլաուտիօ եպս. Կուճերոթթի զարգացուց "Նարեկը եւ ապաշխարութեան խորհուրդը" նիւթը: Նիւ Եորքի Սուրբ Ներսէս դպրեվանքի տնօրէն հայր Դանիէլ Ֆընտըքեան խօսեցաւ "Նարեկ, սուրբ հաղորդութիւնը եւ քահանայութիւնը" նիւթին շուրջ: Ժընեւի համալսարանի դասախօս Վալենթինա Քալցոլարի ներկայացուց "Նարեկ եւ միսթիքաբանութիւնը": Պոլոնիոյ (Իտալիա) համալսարանի վաստակաւոր փրոֆեսէօր Կապրիելլա Ուլուհոճեան փակեց Ե. նիստը՝ "Յոյսի ուժականութիւնը Գրիգոր Նարեկացիի վախճանական տեսութեան մէջ" նիւթով:

Ժամը 12:15-ի ճաշի դադարէն ետք, ժամը 14:00-ին, Զ. նիստը, "Միութենական ակնարկներ" ընդհանուր խորագրին ներքեւ, սկսաւ Փարիզի Բարձրագոյն ուսմանց գործառական դպրոցի դասախօս դոկտ. Եոհաննա Ռափթիի բանախօսութեամբ՝ "Գրիգոր Նարեկացիին ներհուն սրբապատկերները" խորագրով: Ապա հոգեւոր մարդախօսութեան դոկտոր Թամար Տասնապետեան ներկայացուց "Նարեկ, "Երգ Երգոց"ը եւ Աստուածամայրը" նիւթը: Քասլիքի համալսարանի աւագ դասախօս հայր Էլի Խալիֆէ, որ պիտի խօսէր "Նարեկ եւ Սուրբ Եփրեմ"ի մասին, բացատրեց, թէ ընտրած էր այլ հեղինակ մը, որ կը կոչուի Իսահակ Ասորին եւ ընդհանրապէս՝ ասորի եկեղեցական մշակոյթը: Հալէպի հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս Պետրոս արք. Միրիաթեան "Նարեկ եւ արաբական մշակոյթը" խորագրին տակ ներկայացուց մինչեւ այսօր կատարուած Նարեկացիի "Մատեան Ողբերգութեան" գործին արաբերէն թարգմանութիւնները, ըլլան անոնք հատուածներ կամ ամբողջական: Զ. նիստին ատենավարն էր Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան։

ՓԱԿՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳ

Միեւնոյն օրը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, հոգեւոր տէրը, որպէս փակում գիտաժողովին եւ բացում համալսարանական տարւոյն, սուրբ պատարագ մատոյց համալսարանին մատրան մէջ, որուն մասնակցեցան հոգեւորականներ, գիտաժողովի բանախօսներ եւ համալսարանին ուսանողութիւնը: Պատարագին ծառայեցին Զմմառու դպրեվանքին աշակերտները, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց "Կռունկ" երգչախումբը: Պատարագէն ետք գիտաժողովին հրաւիրեալները ընթրիքի հրաւիրուեցան մօտակայ "Աքրոփոլիս" պանդոկին ճաշարանը։ Ընթրիքի աւարտին, հոգեւոր տիրոջ ձեռամբ, գիտաժողովի մասնակցողներուն եւ զայն կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ: Ժամը 21:00-ին, որպէս հոգեւոր մշակութային բակում, "Կռունկ" երգչախումբը, դոկտ. Էտի Թորիկեանի ղեկավարութեամբ, եզրափակեց գիտաժողովը՝ մեկնաբանելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն:

Այս գիտաժողովին նպատակը չէր միայն ուսումնասիրել Նարեկացիի մօտ, յատկապէս անոր "Մատեան ողբերգութեան"ի մէջ, ծիսակատարումին գրաւած տեղը, այլ նաեւ՝ արեւելեան աշխարհին ծանօթացնել այս գրեթէ անշուք մնացած սուրբն ու բանաստեղծը: Այս գիտաժողովը եւ անոր աշխատանքները ամփոփելու սահմանուած հրատարակութիւնը պիտի նպաստեն քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ ազդեցութիւններու եւ ներթափանցումներու արժեւորումին։

Վերջապէս, այս գիտաժողովին նպատակն էր նաեւ Գրիգոր Նարեկացին ներկայացնել իբրեւ տիպար վարդապետ, ոչ միայն Հայ եկեղեցւոյ համար, որ մինչեւ այսօր սնած է անոր հոգեւոր ծառին պտուղներէն, այլեւ՝ համայն տիեզերական եկեղեցւոյ, որպէսզի ան ճառագայթէ քրիստոնեայ բոլոր կաճառներուն վերեւ ու մտնէ բոլոր վանքերն ու մենաստանները, միջնադարէն եկած սրբաշունչ հովի ու սրբարար հոգիի կրակով վերանորոգէ եկեղեցին։

Բ. գիտաժողովը յուշեց Գ. գիտաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը։